Սկիզբ
Կապուելու Տեղեկութիւն | Յաջախորդի Մուտք | Գնումներու Սայլակ | Հայերէն English
Հայերէնի Ուղղագրիչ
Լեզուի եւ Մշակութային Կայք
skip to the main content area of this page
Մեր Մասին

Մեր Մասին


Նախնական Կատարումներ

HySpell Հայերէնի Ուղղագրիչը յառաջացաւ ջանքերուս մէջէն, երբ կ՝հետապնդէի մաթեմատիկայի եւ ֆիզիկայի ցկեանս հետազօտութեան, եւ իմ խորին ցանկութիւնս կեանքիս մնացեալ մասը՝ խօսիլ եւ գրել միայն հայերէնով։ Եւ երբ այս ջանքերս զարգանալով աւելի ծաւալ ստացան, արդէն յայտնի դարձաւ աւելի ընդարձակ ծրագիր ստեղծելու պահանջքը միակ նպատակ ունենալով՝ օգնել հայկական դպրոցները եւ կրթական կազմակերպութիւնները մայրենի լեզուի տարածման եւ զարգացման աշխատանքին։

Ապագայ Ծրագրեր

Այս HySpell 1.0–ի ներմուծումով ջանքերս՝ միայն սկիզբն են շարք մը Հայերէն լեզուի ծրագրաւորման առաջադրանքներուն։ Առայժմ կ՛աշխատիմ նաեւ հայերէն–հայերէն եւ հայերէն–անգլերէն բառագանձի վրայ, որ նոյնպէս պիտի միաւորուի Microsoft Office 2007–ի եւ 2010–ի մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ՝ կ՛աշխատիմ նաեւ ծաւալուն հայերէն–հայերէն թուային բառարանի մը վրայ՝ «Մալխասեանց» առաջադրանքի ծածկանուան ներքոյ։ Ամբողջ ջանքերովս նուիրուած Դասական (Մեսրոպեան)Ուղղագրութեան գործունակ կիրառումը տարածելու, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր աւանդական հայերէնի բարբառներու պահպանման։